2012-03-16 12:58:34

ԱԺ Նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան Ցաւակցական Նամակ Յղած՝ Պելճիքայի Ծերակոյտի Նախագահին։


Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան Զուիցերիոյ Մէջ տեղի ունեցած դպրոցական հանրակառքի մահացու արկածի առթիւ ցաւակցական նամակ մը ուղարկած է Պելճիքայի Ծերակոյտի նախագահ տիկին Սապին տը Պեթիւնին:
Նամակին մէջ կ'ըսուիի մէջ այլոց .«Մեծարգոյ տիկին նախագահ, ցաւով տեղեկացանք Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունեցած դպրոցական հանրակառքի արկածի մասին, որուն հետեւանքով կան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Ձեր երկրի համար դժուարին սա պահուն Հայաստանի Ազգային Ժողովի եւ անձամբ իմ անունով խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնենք Ձեզի, զոհուածներուն ընտանիքներուն, ուսուցիչներուն, Պելճիքայի ամբողջ ժողովուրդին:








All the contents on this site are copyrighted ©.