Հինգշաբթի 15 Մարտի առաւօտեան ժամը11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի
մէջ ընդունեց Անտիոքի Յոյն Մելքիթներու Պատրիարք՝ Գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամը. ապա
ժամը 11.15 անց ընդունեց Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կարգ մը եպիսկոպոսներ,
եկած՝ իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Հուսկ
ժամը 12-ին Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորդեց Գերմանիոյ ֆրէյպուրկ Իմ Պրէյզկաու
թեմի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Րոպերթ Զոլլիթէքի։