2012-03-15 12:09:35

Յովհաննէս Շիրազ: Սիրոյ եւ Կարօտի, Ազգի եւ Հայրենիքի, Մեծ Եղեռնի եւ Հայ Դատի Պատգամաբեր Բանաստեղծը։


28 տարի առաջ, Մարտ 14ին հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ, աչքերը առյաւէտ կը փակէր Յովհաննէս Շիրազ (Գրչանուն)։
69 տարեկանին շիջեցաւ մարմինը հայոց աշխարհի լուսաբաշխ ու յուսաբեր այս աստղին։
14 Մարտին, մահուան 28րդ տարելիցն էր աւազանի անունով Օննիկ Կարապետեանի, որ լոյս աշխարհ եկաւ Հայոց Արհաւիրքի օրերուն՝ 1915 թուականի Սեւ Ապրիլի 27ին, Ախուրեան գետի ափին գտնուող գիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տան մէջ։
1935ին առանձին հատորով լոյս տեսաւ իր երեխայրիքը՝ «Գարնանամուտ»ը, որ անմիջապէս յափշտակուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ արագօրէն մեծ համբաւ ապահովեց քսանամեայ Շիրազին։ Եւ սկսաւ Շիրազի անկասելի վերելքը դէպի հայ քնարերգութեան Մասիս բարձունքը։
Շատ ու շատ տարիներ կ'անցնին, հայոց սերունդներ կը յաջորդեն իրարու, բայց հայերէնի թօթովանքով աշխարհին բացուող ամէն հայ մանուկ, անկասկած, Շիրազէն տող մը, սրտայոյզ երգ մը եւ խորախորհուրդ պատգամ մը պիտի շարունակէ արտասանել ու երգել, այլ մանաւանդ գոռալ՝ յանուն Արդարութեան Յաղթանակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.