2012-03-15 12:09:46

Հայ–Հնդկական Դարաւոր Բարեկամութեան Իբրեւ Ապացոյց՝ Երեւանի Մէջ Պիտի Հիմնադրուի Հնդկաստանի Անուան Այգի։


Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աչալ Գումար Մալհոդրայի հետ։
Նշելով հայ–հնդկական յարաբերութիւններու ներկայ բարձր մակարդակը, քաղաքապետը կարեւոր համարած է գործընկերային կապերու հաստատումն ու զարգացումը նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակին մէջ։
Իսկ Հնդիկ Դեսպան Մալհոդրա իր հերթին պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու ինչպէս նշուած՝ այնպէս ալ կրթական եւ գործարարական ծրագրերու իրականացման: Անդրադառնալով Մալաթիա–Սեբաստիա վարչական շրջանի տարածքին Հնդկաստանի անուան այգի հիմնելու ծրագիրին եւ շնորհակալութիւն յայտնելով տրամադրուած տարածքի եւ իրականացուցած նախագիծերուն համար, Հնդիկ դեսպանը նշած է, որ անիկա հայ–հնդկական դարաւոր բարեկամութեան եւս մէկ ապացոյց պիտի ըլլայ:
Հնդկաստանի կառավարութեան կողմէ նախագիծին հաւանութիւն տալէ ետք պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները: Տարօն Մարգարեան նշած է, որ քաղաքապետարանը պատրաստ է իր լիազօրութիւններուն ծիրէն ներս աջակցելու անոնց իրագործման:








All the contents on this site are copyrighted ©.