2012-03-14 12:38:44

Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները՝ Մայիս 7ին :


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ Երեքշաբթի, Մարտ 13ին յայտարարեց, թէ անցեալ տարի սկսած բարեկարգումներու քայլերուն մէկ մասնիկը հանդիսացող խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մայիս 7ին:
Միւս կողմէ, Թուրքիա գտնուող ՄԱԿի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան յայտարարեց, թէ Դամասկոսէն պատասխան կը սպասէ՝ Ասսատի հետ իր հանդիպման ընթացքին իր ներկայացուցած առաջարկներուն կապակցութեամբ: Աննան նոյն օրը Թուրքիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ կառավարութեան ընդդիմադիրներուն կազմած Սուրիոյ ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.