2012-03-14 12:38:18

Միջինքը՝ Բնութեան Զարթօնքի Եւ Գարնանային Տօն


Մեծ Պահքի շրջանը այս տարի սկսաւ Փետրուար 20ին: Անիկա կը տեւէ 48 օր` Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Զատիկի) տօնի նախօրէն: Այս տարի Ս. Յարութեան տօնը կը նշուի Ապրիլ 8ին:
Պահքի 40 օրը կը խորհրդանշէ անապատի մէջ Քրիստոսի քառասունօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: Իր մկրտութենէն ետք Յիսուս «Հոգիով անապատ առաջնորդուեցաւ ու քառասուն օր փորձութեան ենթարկուեցաւ սատանայի կողմէ։ Այդ օրերուն չկերաւ ու չխմեց: Յիսուս Ինքզինք ծոմապահութեան ենթարկեց մարդկային ցեղի փրկութեան համար, մարդկութեան փոխարէն Ինք ապաշխարեցաւ, որպէսզի բոլոր պահք պահողներու ապաշխարանքը իմաստ եւ իրականութիւն ստանան՝ շնորհիւ Իր ծոմապահութեան: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահոց եւս մէկշաբաթեայ շրջան` աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ: Մեծ Պահքը ունի եօթ Կիրակի, եօթ յիշարժան օրեր. բուն բարեկենդան, Արտաքսում, Անառակի, Տնտեսի, Դատաւորի, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ:
Մեծ Պահքն այս տարի կը կիսուի Մարտ 14ին եւ կը կոչուի միջինք: Ժողովրդական սովորութեան համաձայն` այդ օրր կը պատրաստեն բաղարջէ պահոց գաթայ, որուն մէջ մետաղադրամ կը դնեն: Սովորութեան համաձայն` բաժին հասնող մետաղադրամը յաջողութիւն կը բերէ:
Մեծ Պահքի շրջանին վաղնջական կանոններով արգիլուած եղած են պսակադրութիւնները եւ մատաղը: Սակայն Վազգէն Ա. կաթողիկոսի շրջաբերականով՝ խիստ անհրաժեշտութեան պարագային թոյլատրուեցաւ պսակադրութիւն կատարել Մեծ Պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերին, բացառապէս Աւագ շաբաթուան բոլոր օրերէն:
Բանաստեղծուհի- հաղորդավար Սոնիա Թաշճեան կ’ըսէ,- «Ըստ Հայկական աւանդութեան, պահքի առաջին օրը տան մեծ մայրիկը կը պատրաստէր «ակլատիզ» կոչուող տղամարդ-պուպրիկը, որը ամրացուած կ’ըլլար սոխի մը վրայ, ուր կը խրէին նաեւ 7 փետուրներ, 3ը սեւ` ձմրան շաբաթները խորհրդանշող, 3ը ճերմակ` գարնան ամիսները խորհրդանշող եւ մէկն ալ մոխրագույն կամ խառն սեւ-ճերմակ` իբրեւ խորհրդանիշ ձմեռէն գարուն անցումային շաբթուան, որ հաստատապէս կը վերաբերի միջինքի շաբթուան:
«Գարնան անցման օրերուն յատուկ է նաեւ ծիսական այլ սովորութիւն մը, երբ տանտիկինը ձեռքին վերցնելով անձեռոց մը, դուռ-պատուհան կը բանայ եւ անձեռոցը շարժելով կը վռնտէ կարծեցեալ ձմեռնային ոգիները եւ կը դիմաւորէ գարունը, ըսելով,- «Շվոտ` դուրս, Մարտ` ներս»: Շվոտը (շվատ, շուպաթ արաբերէնի մէջ տարուան երկրորդ ամսուան անունն է) այսինքն՝ Փետրուար:
«Հետեւաբար, միջինքը նաեւ բնութեան զարթօնքի եւ գարնանային տօն է: Վանի մէջ, երիտասարդները կ’երթային իրենց արտը ողջունելու եւ գարունը աւետելու, ըսելով,- «Աշխարհին լոյս տալու եկողը` թող քեզ ալ լիութիւն տայ»: Կարգ մը հայկական գիւղերու մէջ, Միջինքի օրը սովորութիւն կար ընտանիքներով եւ խնամիներով դաշտագնացութեան երթալու: Բնականաբար դաշտերէն կը հաւաքէին թարմ կանաչիներ եւ կը պատրաստէին կուտապներ, ապուր եւ փիլաւ. տեղի կ’ունենար կերուխում, երգ ու պար: Նշանուած աղջիկները իրենց կեսուրէն կը ստանային նուէրներ եւ քաղցրեղէններ: Տարածուած էր նաեւ հարսնցուն տուն տանելու, ինչպէս նաեւ խաշած հատիկեղէնով մեծ ափսէ մը զարդարելու սովորութիւնը, որ գարնանացանի եւ երկրագործական տարուան բարեբերութեան աղերսն է: Պատահական չէ նաեւ միջինքի օրուան յատուկ ճաշատեսակներու ընտրութիւնը, օրինակ` Նոր Ջուղայեցիներու թթուեպասը, որ հատիկեղէնով ապուր է. յայտնի թոփիկը, որ կը պատրաստուի սիսեռով. Տիգրանակերտցիներու թթապուրն ու թփուկ կոլոլակը, եւ այլն...:
«Միջինքին ընդունուած էր թխել նաեւ տարբեր տեսակի բաղարջներ եւ հացեր, որոնք մեծ մասամբ կը բաժնուէին: Սովորութիւն կար նաեւ պատրաստելու միջինքով ծիսական - գուշակութեան հացեր, այսինքն` մէջը պայմանական նշան դրուած հաց»:








All the contents on this site are copyrighted ©.