Մարտ 16ին` ՀՀ ԱԳ նախարար Էտուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով` Հայաստան պիտի այցելէ Գերմանիոյ
Դաշնային Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Կուիտօ Վէսթերուելլ (Guido Westerwelle): Այս մասին
կը տեղեկացնէ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութիւնը: Այցին ընթացքին նախատեսուած են Կուիտօ
Վէսթերուելլ-ի հանդիպումները Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԳ նախարար Էտուարդ
Նալպանդեանի հետ: Կուիտօ Վէսթերուելլ պիտի այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդ եւ Ծաղկեպսակ
դնէ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին: