2012-03-13 13:19:59

Պոլսոյ Հայ Համայնքէն եւ Թուրքիոյ Յառաջադէմ Մտաւորականներէն Գնահատուած Երկու Թուրք Լրագրողներ՝ Նետիմ Շէնէր եւ Ահմէթ Շըք Ազատ Արձակուած։


376 օր տեւող բանտարկութենէ մը ետք, երէկ գիշեր ազատ արձակուած են երկու թուրք յայտնի լրագրողներ Նետիմ Շէնէր եւ Ահմէթ Շըք։ Նետիմ Շէնէր եւ Ահմէթ Շըք կը մեղադրուէին ոչ թէ ՝՝Լրագրութեան համար այլ պետական հարուածով եւ ահաբեկչական արարքներով՝,՝ մեղադրանքներ որոնք բաձայայտ կերպով անընդունելի են ,նկատի ունենալով այս երկու լրագրողներու ասպարէզի գործընթացքը ու անոնց գաղափարները։
Յիշենք որ Նետիմ Շէնէր շատ հետաքրքրական գիրք մը գրած է Հրանդ Տինքի մասին, յայտնաբերելով Տինքի սպաննութեան գաղտնի ծալքերը։ Միւս կողմէ այս երկու լրագրողներու բանտարկութիւնը մեծ արձագանգ կը գտնէր նաեւ միջազգային մամուլի մէջ, որ միշտ կ՜ընդգծէ թէ ՝՝Թուրքիոյ մէջ չեն յարգուիր արտայայտուելու տարրական ազատութեան սկզբունքերը՝՝։ Այս երկու լրագրողներէն զատ,երէկ գիշեր ազատ արձակուած են նաեւ Ճօշքուն Մուսլուք եւ Սաիթ Չագըր նոյնպէս լրգրողներ։

Միւս կողմէ դեռ տակաւին թուրքիոյ բանտերուն մէջ կը գտնուին շուրջ 100 լրագրողներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.