2012-03-13 13:14:17

Պատմութիւն Հայոց

ՏԻԳՐԱՆ ԸՆԴԴԷՄ ՊՈՄՊԷՈՍԻ (67-66)


Լուկուլլոս Հռոմէացի Զօորավարը Հռոմ կանչուեցաւ , Տիգրան Բ.ի դէմ կրած պարտութեանէն ետք։ Ան ոչ մէկ ձեւով չէր կրցած իր գործը աւարտել. Տիգրան վերագրաւած էր իր կորուսած երկիրները, Միհրդատ տէր դարձած էր Պոնտոսի աշխարհին, ի վերջոյ` իր բանակն իսկ զզուած էր իր խստութիւններէն։ Այնպէս որ Հռոմի Ծերակոյտը վար առաւ զինք իր պաշտօնէն եւ իր տեղը անուանեց Պոմպէոս զօրավարը։
Պոմպէոս Միհրդատի դէմ – Պարթեւները կը յարձակին Հայաստանի վրայ (67)
Պոմպէոս, գլուխը անցած` Հռոմէական լէգէոններուն, եկաւ եւ հաստատուեցաւ Կիլիկիոյ մէջ։ Ան քաղաքակիրթ ու մշակոյթի տէր մէկն էր, բայց նաեւ ճարպիկ ռազմավար։ Անդրադարձաւ որ Հայերն ու Պոնտացիները կրցած էին յաղթել Հռովմայեցիներուն` գլխաւորաբար որովհետեւ Պարթեւները չէզոք մնացած էին մինչ այդ։ Ուստի դաշնակցեցաւ Պարթեւներու Հրահատ թագաւորին հետ եւ քաջալերեց զինք յարձակելու Տիգրանի վրայ, մինչ ինք պիտի պատերազմէր Միհրդատի դէմ։ Նիկոպոլսի մօտերը` հռովմէական 50.000-ի հասնող մարզուած բանակը ջախջախիչ պարտութեան մատնեց պոնտական 30.000-նոց բանակը։ Հայերու օգնութիւնը չունենալով` Միհրդատ ստիպուեցաւ փախչիլ ձիու մը վրայ իր կիներէն մէկուն հետ եւ ի վերջոյ սպաննուեցաւ իր որդիին` Փառնակի կողնէ երբ կը պատրաստուէր Հռոմի վրայ արշաւելու։ Իսկ Հրահատ` պարսիկ թագաւորը, մինչ այդ կը պատերազմէր Տիգրանի դէմ, որուն կրտսեր որդին` Տիգրանիկ, դաւաճանեց հօրը եւ պարթեւներուն կողմն անցաւ. Հակառակ այս մատնութեան, Հայերը կրցան ետ մղել Պարթեւական բանակը իրենց երկրէն։
Պոմպէոս Տիգրանի դէմ (66)
Պոմպէոս գրաւելէ ետք Պոնտոսը, զէնքերը դարձուց Հայաստանի վրայ։ Իրեն առաջնորդ ունէր դաւաճան Տիգրանիկը, իր հայկական գունդով։ Տիգրան չէր կրնար պատերազմիլ երկու ճակատի վրայ, ուստի հաշտութիւն խնդրեց եւ յանձնուեցաւ Պոմպէոսի։ Այս վերջինը շատ վեհանձն եւ հաշտարար գտնուեցաւ եւ կնքեց դաշինք մը որ չէր զրկեր Հայաստանը իր թագաւորէն. Ան պարզապէս դաշնակից կը դառնար Հռոմի հզօր տէրութեան։ Դաշինքի պայմաններն էին որ Տիգրան պարտաւոր էր յանձնել Կիլիկիոյ եւ Փոքր Ասիոյ իր բոլոր գրաւած հողերը, սակայն կը պահէր մեծ Հայքը եւ կը դառնար Հռոմի ազդեցութեան ենթակայ։ Տիգրան վճարեց նաեւ 6.000 տաղանդ որպէս պատերազմի տուրք։ Այսպէսով Պարթեւները չկրցան ունենալ իրենց ցանկացած բաժինը Հայաստանէն եւ ասոր համար ալ թշնամացան Հռովմայեցիներու հետ։ Գալով Տիգրանիկի, Պոմպէոս, փոխանակ զինք վարձատրելու, զայն շեթայակապ գերի տարաւ դէպի Հռոմ։ Հռոմի մէջ փառաւոր մուտք գործեց Պոմպէոս, թէպէտ ծերակուտականներէն ոմանք հաշտ աչքով չէին դիտած Տիգրանի հետ կատարած դաշինքը։
Տիգրանի վերջին տարիները
Այս պատերազմէն ետք` Տիգրան տակաւին 10 տարի ապրեցաւ։ Ան այս խաղաղ շրջանը օգտագործեց վերաշինելու համար պատերազմներով քանդուած երկիրը։ Ան հանդիսացաւ մեր ամէնէն քաղաքագէտ թագաւորը։ Օգտագործեց Հայաստանը եզերող մեծ ազգերու տկարութիւնը, ընդարձակելու համար իր երկիրը եւ անոր տալու այնպիսի սահմաններ որ երբեք չէ կրցած ունենալ իր բոլոր պատմութեան ընթացքին։ Կազմեց ուժեղ բանակ մը եւ պարտադրեց հայկական իշխանութիւնը բոլոր շրջանին մէջ։ ան մեռաւ 56-ին Ք.Ա., մօտ 40 տարի իշխելէ ետք հայկական կայսրութեան մը վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.