2012-03-13 13:17:31

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
՜՜Երկրաշարժէն Մէկ Տարի Ետք՝՝։


Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, իր շաբթուայ խմբագրականը նուիրած է Ճաբոնի մէջ 2011-ի մարտ ամսոյն սկիզբը տեղի ունեցած ահաւոր երկրաշարժին եւ ծովաշարժին։
11 մարտ 2011-ին Ճաբոնի մէջ տեղի ունեցած՝ ահաւոր երկրաշարժը դրոշմուած կը մնայ ոչ միայն ճաբոնցի ժողովուրդին այլ համայն աշխարհի բնակչութեան մտքին մէջ։ Ծովաշարժ մը որ աւելի քան 20 հազար զոհ պատճառեց, անակնկալի բերելով երկիր մը որ դարերէ ի վեր համակեցութեամբ կ՛ապրի նման աղէտներու հետ, բայց եւ այնպէս չէր նախատեսած այսքան զօրաւոր աղէտ։
Հետեւանք այս աղէտին՝ ֆուքուշիմայի Հիւլէական կայանը վնասուեցաւ, որուն հետեւանքները տարիներու ընթացքին զգալի կը դառնան։ Այսօր Ճաբոնի մէջ չորս հիւլէական կայաններ տակաւին կը գործեն, մինչ ուրիշ 50 կայաններ դադրած են գործելէ։ Գիտնականները կը մտածեն որ անցեալ տարուայ երկրաշարժի հետեւանքով աշխարհի վրայ, ՜՜կեանքը՝՝ փոփոխութիւններու ենթարկուած է։ Ամէնքս հիացումով ականատես եղանք ճաբոնցի ժողովուրդի քաջութեան եւ իրարու հանդէպ ցոյց բերած զօրակցութեան։2011-ի՝ աւագ ուրբաթ օրը, Սրբազան Քահանայապետը պատասխանելով ճաբոնցի աղջնակի մը հարցումին ՜՜թէ ինչո՞ւ այս ամէնը՝՝...ան ըսած էր <<ես ալ հարց կու տամ թէ ինչու։ Չունինք պատասխաններ, սակայն գիտենք թէ ՜՜անմեղ Յիսուսը՝՝ նաեւ չարաչարուեցաւ ձեզ նման։ Աստուած մեզ կը սիրէ եւ օր մը պիտի հասկնանք թէ այս չարչարանքը ի զուր չէր։ Վստահ եղիր որ ամէնքս մօտիկ ենք քեզի ու ճաբոնի բոլոր տառապող մանուկներուն։ Միասնաբար աղօթենք որպէսզի ՜՜Լոյսը՝՝ ծագի ձեր վրայ>>։
Մեզմէ աւելի մեծ աղէտի մը դիմաց, երբեք չկորսնցնենք յոյսը ու գիտնանք գտնել մեր ճակատագրի խոր իմաստը այս աշխարհի մէջ մեր ուղեւորութեան ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.