2012-03-13 13:16:00

2012-ի Քահանայապետական Տարեցոյցը։


2012-ի քահանայապետական տարեցոյցը ի յայտ կը դնէ կաթողիկէութեան ծաւալումը Ափրիկէի մէջ, ու ապաքրիստոնէացումը Եւրոպայի մէջ։
2012-ի քահանայապետական տարեցոյցը ի յայտ կը դնէ որ Եւրոպան հետզհետէ կ'ապաքրիստոնէանայ, մինչ ափրիկեան ցամաքամասին մէջ կաթողիկէութիւնը կը ծաւալի։ Տարեցոյցը նաեւ կը յայտնէ կաթողիկէներու թիւին յաւելում աշխարհի մէջ` 1,3 տոկոսով, նոյնպէս եւ եկեղեցական կոչումներու թիւը։ Այսպէս ներկայիս կաթողիկէները երկրագունդի վրայ կը հաշուեն մէկ միլիառ 196 միլիոն։ Անոնց թիւը մասնաւորապէս աճած է Ափրիկէ եւ Ասիայի հարաւ-արեւելքի մէջ։ Քահանաներու թիւը եւս աճած է։ Ասիոյ մէջ զգալի է աճը եկեղեցական կոչումներու։ Մնայուն սարկաւագներու թիւը 3,7 յաւելում արձանագրած է, մասնաւորապէս՝ Հիւիսային Ամերիկայի ու Եւրոպայի մէջ։ Ներկայիս եպիսկոպոսները, աշխարհի վրայ, կը հաշուեն 5.104։ Անոնց թիւը մասնաւորապէս աճած է Ափրիկէի մէջ` առաւել 16 եպիսկոպոս ու Ամերիկայի մէջ` առաւել 15 եպիսկոպոս։ Նշենք որ Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ 10 մարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ներկայացուց 2012ի քահանայապետական տարեցոյցը։ Նոր տպագրութիւնը աշխատասիրութիւնն է գերապայծառ ֆորմենթիի` պատասխանատուն Եկեղեցւոյ կեդրոնական վիճակագրութեան գրասենեակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.