Քոֆի Անան Կ՝արտայայտուի Սուրիոյ Մասին։ Սուրիոյ Հարցով Այսօր ՄԱԿ-ի ԱԽ Նիստ Կը Գումարէ.
Քլինթըն եւ Լաւրով Պիտի Հանդիպին Նաեւ Առանձին։
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Աննան երէկ Դամասկոսի
մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատի հետ իր ունեցած բանակցութեանց երկրորդ նիստին աւարտին
յայտնեց, որ ինք լաւատես է: Ան լրագրողներուն ըսաւ, որ «ես շարք մը պատճառներով լաւատես
եմ»` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման փափաք գոյութիւն ունի: «Այդ մէկը
դժուար պիտի ըլլայ, սակայն պէտք է յոյս ունենանք», ըսաւ ան: Աննան յայտնեց, որ Կիրակի
օր Սուրիոյ մէջ լարուածութիւնը վնասազերծելու համար նախագահ Ասսատին ներկայացուցած է
«շօշափելի առաջարկներ»` աւելցնելով, որ այդ առաջարկները «գետնի վրայ իսկական ազդեցութիւն
պիտի ունենան եւ տագնապին վերջ տալու հոլովոյթի նախաձեռնումին կը նպաստեն»: Իսկ Այսօր
12 Մարտ, 15 Երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ պիտի մասնակցին ՄԱԿ-ի անվտանգութեան
խորհուրդի նիստին, որուն քննարկման հիմնական թեման Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը
կ՝ըլլայ: Նախատեսուած է նաեւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ
ԱՄՆ պետական քարտուղար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումը` նոյնպէս Սուրիական հարցով: