2012-03-12 12:54:08

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Ֆրանսայի Մարսիլիոյ քաղաքի մէջ 12 - 17 մարտ տեղի կ՛ունենայ Ջուրի նուիրուած Համաշխարհային 6րդ Համաժողովը որուն կը մասնակցին նաեւ Քահանայապետական Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն խորհուրդի անդամները որոնք պիտի ներկայացնեն <<Ջուրը կեանքի էական տարր. Արդիւնաւէտ լուծումներու սահմանում>> տիտղոսով թղթածրար մը ։

Գանթէրպուրրիի Արքեպիսկոպոսը Րոան Ուիլիամսը այսօր կ՛աւարտէ Հռոմ կատարած եռօրեայ այցելութիւնը, Մեծն Սուրբ Գրիգորի Տօնին եւ Գամալտոլիներու Մենաստանի հազարամեակի տօնախմբութիւններուն առթիւ։
Նշենք որ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդը շաբաթ 10 մարտի առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ ու ապա յետ միջօրէին Սան Կրէկորիօ Ալ Չէլիոյ Մենաստանի մէջ մասնակցեցաւ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ կատարուած Համամիութենական ժամասացութեան աղօթքին իսկ այսօր Ան այցելեց Մոնթէ Քասսինօ Աբբայարանը ուր մասնակցեցաւ հոգեւոր արարողութեան մը ու ճառ մը արտասանեց <<Կրօնաւորները եւ առաքելութիւնը Անգլիական տեսանկիւնէն>> նիւթին մասին. Երեկոյեան՝ Գերապայծառ Րոան Ուիլիամսը կը վերադառնայ Լոնտոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.