Յառաջիկայ ուրբաթ 16 մարտի առաւօտեան ժամը 11.30
Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ Անուան Սրահին մէջ, Սուրբ Աթոռի բանբեր Հայր ֆետերիքօ
Լոմպարտիի ելոյթով պիտի ներկայացուի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի 23-29 Մարտ
2012 Մեքսիքօ եւ Գուպա կատարելիք Առաքելական միջազգային 23րդ Ճմաբորդութիւնը` յայտագիրը
եւ հանդիպումներու օրակարգը։ Նշենք որ Նորին Սրբութիւնը Լատին Ամերիկան կ՛այցելէ այն
երկիրներու անկախութեան 200 ամեակի առթիւ։