2012-03-12 12:48:32

Հաւատքի Փոխանցումը Եւ Քրիստոնէական Վկայութիւնը Վերտարութեամբ Համաժողով


Ի տես յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ գումարուած վերաւետարանացումի նուիրուած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի եւ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հռչակուած հաւատքի տարուան, 12 եւ 13 Մարտին Հռոմի Սուրբ Խաչ Համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ <<Հաւատքի Փոխանցումը եւ Քրիստոնէական Վկայութիւնը>> նիւթին մասին համաժողով մը։ Համաժողովին ելոյթ կ՛ունենայ ի մէջ այլոց Նոր աւետարանացումի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ գերապայծառ Րինօ ֆիզիքելլան որ պիտի խօսի <<վկայութիւն, խօսք եւ վերաւետարանացում>> նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.