2012-03-12 13:18:16

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կեդրոնական Վարչութեան, Առաջնորդներու Ու Ազգային Իշխանութեանց Ներկայացուցիչներու Հանդիպումներ


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ 13-17 մարտ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի պիտի ունենան Ազգային կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, թեմակալ առաջնորդներու եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հաւաքական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ միաբանական հաւաք:
Վերոյիշեալ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեւ ծաւալող գործակցութեան, Ս. Աթոռի առաքելութեան զանազան մարզերուն առնչուած հարցեր ու ծրագիրներ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագրում, ինչպէս նաեւ թեմերուն հետ աղերս ունեցող մտահոգութիւններ ու կարեւոր ծրագիրներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.