2012-03-12 12:55:21

՝՝Բոլոր Հայերու Հայրենիքը Հայաստանն է՝՝. Հայկական Սփիւռքի Թանգարանի Բացումը ...


Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ Մարտ 13ին ժամը 14:30ին, նախարարութեան սրահէն ներս պիտի կայանայ «Հայկական Սփիւռքի Վիրթուալ Թանգարան» կայքէջին (armdiasporamuseum.com) շնորհանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
«Հայկական Սփիւռքի Վիրթուալ Թանգարան» ծրագրի կարգախօսը «Հայերը մէկ ազգ են անկախ բնակութեան վայրէն, եւ բոլոր հայերուն Հայրենիքը Հայաստանն է» գաղափարն է:
Ծրագրին նպատակն է նպաստել`
Դասական եւ նոր Սփիւռքի հակազդեցութեան վերացման եւ միասնականութեան,
Նպաստել՝ Հայրենիք-Սսփիւռք եւ Սփիւռքի հայկական համայնքներու միջեւ ճանաչողութեան մակարդակի բարձրացման եւ համագործակցութեան,
Նպաստել հայապահպանութեան , եւ հայոց պետականութեան գիտակցութեան ձեւաւորման ու զարգացման:








All the contents on this site are copyrighted ©.