2012-03-12 12:55:09

2012- ը Նուիրուած Եղիշէ Չարենցին։


13 Մարտին կ՛ամբողջանայ հայ նշանաւոր գրող Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115ամեակը, իսկ 27 Նոյեմբերին՝ մահուան 75ամեակը եւ գրական գործունէութեան 100ամեակը։ Այս բոլորին լոյսին տակ այս տարի յայտարարուած է Չարենցի տարի։
«Ազգ» օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէնուհի Լիլիթ Յակոբեան յայտնեց, որ ամբողջ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին։ Արդէն պատրաստուած է ամբողջական թղթածրար մը՝ Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան, Հայաստանի գրողներու միութեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան նախարարութեան եւ Չարենցի տուն-թանգարանի միացեալ նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ:
Ձեռնարկներուն մեկնարկը պիտի կատարուի 13 Մարտին՝ Չարենցի տուն-թանգարանէն։ 115 գանգրահեր երիտասարդներու, մտաւորականներու, Երեւանի դպրոցներու սաներու, համալսարանականներու, գրողներու, չարենցապաշտ-չարենցասէրներու շքերթը պիտի անցնի Երեւանի փողոցներէն որոնք ապա կանգ պիտի առնեն Չարենցի Յուշարձանին մօտ: Յուշարձանի կողքին տեղի պիտի ունենայ «Պոեզիայի տօն», որ մինչեւ ուշ երեկոյ պիտի շարունակուի Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ:
Այս տարուան ընթացքին պիտի կազմակերպուին ընթերցման երեկոներ, մրցումներ, պիտի նախաձեռնուին նորանոր հրատարակութիւններու եւ այլն։








All the contents on this site are copyrighted ©.