2012-03-11 11:36:24

Քահանայապետական Անուանումներ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպէօրնը անուանած է որպէս Քահանայապետական յատուկ Նուիրակ գլխաւորելու համար Փրակայի Արքեպիսկոպոսութեան վերահաստատման 450-ամեակի տօնախմբութիւնը, զոր տեղի պիտի ունենայ 12 մայիս 2012ին։

Նորին Սրբութիւնը ապա անուանած է գերապայծառ Մարիօ Րօպէրթօ Գասսարին` Խրուաթիոյ ներկայի առաքելական Նուիրակը, որպէս հարաւային Ափրիկէի` Նամիպիայի եւ Սվազիլանտի նոր առաքեալական Նուիրակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.