2012-03-11 10:20:54

Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Աշակերտներու Ընթերցանութեան Մրցում


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի եւ Սփիւռքի 6րդ դասարանի աշակերտներուն համար պիտի կազմակերպուի գերմանական ոճով ընթերցանութեան մրցում։
Կազմակերպական աշխատանքներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները, Երեւանի քաղաքապետարանը, Գրողներու միութիւնը եւ Հայաստանի հրատարակիչներու միութիւնը: Կը նախատեսուի, որ անիկա սկսի 1 Ապրիլին եւ աւարտի յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին։

Հայաստանէն բացի մրցումներ պիտի կազմակերպուին նաեւ Սփիւռքի մեծ քաղաքներուն մէջ։ Երկու հանգրուաններուն յաթողները կը հասնին եզրափակիչ հանգրուան։ «Այսպիսով, մենք փորձում ենք խթանել հայերէնով ընթերցանութիւնը նաեւ Սփիւռքի գաղթօճախներում երեխաների շրջանում», նշած է Մարտիրոսեանը:
Մրցումի տարբեր հանգրուաններուն յաղթողներուն նախատեսուած են արժէքաւոր նուէրներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.