2012-03-11 11:36:37

Գանթէրպուրրի Անկլիքան Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը Հռոմի Մէջ


Գանթէրպուրիի Անկլիքան եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսը Հռոմի մէջ գտնուի Մեծն Սուրբ Գրիգորի Տօնին եւ Գամալտոնիլներու Մենաստանի հազարամեակի տօնախմբութիւններուն առթիւ։Ան Շաբաթ 10 մարտի առաւօտեան հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ ու ապա յետ միջօրէին Սան Կրէկորիօ Ալ Չէլիոյ Մենաստանի մէջ մասնակցեցաւ Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ կատարուած Համամիութենական ժամասացութեան աղօթքին։ Կիրակի 11 մարտի երեկոյեան ժամը 16ին Գանթէրպուրի որպէս պատուոյ հիւր կը մասնակացի <<Վանականութիւն եւ Համամիութիւն>> նիւթով դասախօսութեան որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ <<Վանական առաքինութիւններ եւ համամիութենական յոյսեր>> նիւթին մասին։ Այս առթիւ ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Գամալտոլիներու Միաբանութեան Ընհդանուր Մեծաւոր Հայր Րոպերթ Հալի << San Gregorio al Celio մենաստանի կապերը Գանթէրպուրրիի եւ Անկլիքան Միութեան հետ>> նիւթին շուրջ։ Նշենք որ Կիրակի օրը, առաւօտեան՝ Գանթէրպուրրիի Արքեպիսկոպոսը նախագահեց Անկլիքաններու սուրբ արարողութիւնը իսկ երկուշաբթի 12 մարտի առաւօտեան ան պիտի այցելէ Մոնթէ Քասսինօ Աբբայարանը ուր պիտի մասնկացի ժամասացութեան արարողութեան եւ պիտի արտասանէ ճառ մը <<Կրօնաւորները եւ առաքելութիւնը Անգլիական տեսանկիւնէն>> նիւթին մասին. հուսկ երկուշաբթի օրը, երեկոյեան՝ կը Գերապայծառ Րոան Ուիլիամսը կը վերադառնայ Լոնտոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.