2012-03-10 12:38:19

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Այցելութիւնը Սան Կրէկորիօ Ալ Չէլիօ Եկեղեցին։


Սրբազան Հայրը շաբաթ 10 մարտի յետ միջօրէին (ժամը 17.30-ին) Սան Կրէկորիօ Ալ Չէլիօ Եկեղեցւոյ մէջ կը նախագահէ ժամասացութեան արարողութեան, մասնակցութեամբ Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Րոան Տուկլաս Ուիլիամսի։ Համահիութենական արարողութեան ընթացքին բացումը կը կատարուի նաեւ Սուրբ Գրիգորի մատրան եւ հոն կը զետեղուի Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդի կողմէ նուիրուած՝ ՜՜ Խաչելութիւն մը՝՝։ Յայտնենք նաեւ որ այս արարողութեամբ Սուրբ Գրիգորի մատուռը կը դառնայ Անկլիքան եկեղեցւոյ հաւատացեալներու պաշտօնական ուխտատեղի
Սրբազան Հայրը Վատիկան կը վերադառնայ երեկոյեան ժամը 20.15 անց։








All the contents on this site are copyrighted ©.