2012-03-10 13:23:57

Նամակարշաւ՝ Ի Նպաստ Ռակըպ Զարաքօղլուի Ազատ Արձակման։


Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ 8 Մարտին տեղի ունեցաւ նամակարշաւի հաւաք մը, ի նպաստ թուրք հրատարակիչ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօղլուի: Նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Արմէն Գարօ ուսանողական միութեան կողմէ: Նամակներուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի, որ իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան Գանատայի արտաքին գործոց նախարար, ճնշում բանեցնէ Անգարայի իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի ազատ արձակուի Զարաքօղլուն:

Նշենք, որ Զարաքօղլուն թրքական պետութեան թիրախը դարձաւ 1 Նոյեմբեր, 2011ին, երբ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու մեղադրանքով ձերբակալուեցաւ(Հորիզոն):








All the contents on this site are copyrighted ©.