2012-03-10 12:36:02

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն -


Հայ Գիրքը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մշակութային Առաքելութեան Կողմնացոյցը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու վկայութեան մէջ հայ գիրքը ունեցաւ իր կեդրոնական ներկայութիւնը եւ առանցքային դերակատարութիւնը։ Հայ գիրք երկնելով ու հայ գիրք տպելով եւ զայն մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի լայն զանգուածներուն մէջ տարածելով՝ մեր Ս. Աթոռը նորահաս սերունդներուն ուսուցանեց հայ գիրքը սիրելու, հայ գիրքը կարդալու եւ հայ գիրքով պայծառանալու եւ հզօրանալու Մեսրոպեան դասը։ Հայ գիրքին ճամբով ան հայուն հաւատքը, ոգին ու տեսիլքը նոր սերունդներու կեանքին մէջ վերածեց ամէնօրեայ պատարագի՝
Որպէսզի առաւել ե՛ւս հարստանայ մեր կեանքը, աւելի՛ով ամրապնդուին մեր մշակոյթի տաճարին հիմնասիւները ու կենսագործուին մեր սուրբ հայրապետներուն եւ երանելի հայրերուն սէրն ու նախանձախնդրութիւնը հանդէպ հայ գիրին ու մշակոյթին եւ Տէր Զօրի անապատներէն հրաշափառ յարութիւն առած մեր ժողովուրդը շարունակէ քալել լոյսի ու յոյսի, կեանքի ու յարութեան ճանապարհէն։
Որպէսզի հայ մարդուն հոգին աղբերանայ պատմութեան խոր ընթերքներէն ժայթքած վաւերական արժէքներու, հարուստ փորձառութիւններու, մեզ առաւել հայացնող ճշմարտութիւններու եւ սրբութիւններու պայծառ լոյսով ու զուլալ ջուրով։
Որպէսզի բոլոր ժամանակներուն եւ աշխարհի չորս ծագերուն հայ մարդը առաւե՛լ հաւատքով ու ծարաւով փարի հայ գիրքին՝ որպէս սրբազան նշխար ու մասունք բանի, որպէս ճրագ կեանքի, որպէս սրբազան կրակ սիրոյ ու հաւատքի, պայքարի ու յաղթանակի ընդդէմ կեանքի ամէն տեսակի խորշակներուն ու փոթորիկներուն։
Այս խոր հաւատքով ու տեսլականով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակչական գործունէութիւնը աճեցաւ տարուէ տարի, մեկենասները իրարու արձագանգեցին, եւ հրատարակչական հիմնադրամները նուաճեցին նորանոր հորիզոններ։ Հետզհետէ ճիւղաւորուեցաւ ու հարստացաւ հայ գիրի ու գրականութեան Կիլիկեան ընկուզենին, եւ Անթիլիասի հրատարակչատունէն լոյս տեսած հարիւրաւոր հատորները մեր ժողովուրդի ընթերցասէր զաւակներուն պարգեւեցին եկեղեցագիտական, պատմագիտական, մատենագիտական, իմաստասիրական, յուշագրական, գրական եւ այլաբնոյթ բացառիկ գոհարներ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին հրատարակչական գործունէութեան մէջ անփոխարինելի եղաւ զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին, որուն նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ լոյսին եկան եւ դեռ կու գան բազմատասնեակ թանկարժէք կոթողներ, որոնց շարքին կÿարժէ յիշատակել հայ գիրքի պատմութեան մէջ նոր էջ բացած «Մատենագիրք Հայոց» եզակի շարքը։ Յատուկ կարեւորութեամբ հարկ է յիշատակել նաեւ Կաթողիկոսարանի «Գէորգ Մելիտինեցի», «Գրիգոր Զօհրապ», «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան», «Խաչիկ Պապիկեան» եւ «Սմբատ Արք. Լափաճեան» հրատարակչական հիմնադրամները, որոնց տարեկան եկամուտով կը տպագրուին մեծ թիւով հատորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.