2012-03-10 12:39:09

2012-ի՝ Քահանայապետական Տարեգիրքի Ներկայացում։


Շաբաթ 10 մարտի առաւօտեան, Վատիկանի Պետական քարտուաղարի գլխաւորութեամբ՝ Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուեցաւ 2012-ի՝ Քահանայապետական Տարեցոյցը։ Յայտնենք որ այս հատորը, 19-րդ դարէն սկսեալ՝ լոյս կը տեսնէ ամէն տարի եւ արժէքաւոր աղբիւր մըն է ճանչնալու կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակը, եւ ունենալու աշխարհի չորս ցամաքամասերու վրայ տարածուած տիեզերական եկեղեցւոյ մասին յստակ գաղափար մը։
Քահանայապետական Տարեցոյցի ներկայցման հետ նաեւ Սրբազան Քահանայապետին յանձնուեցաւ Եկեղեցւոյ տարեկան վիճակագրական ցուցակը։
Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն գոհունակութիւն յայտնեց տարուած կարեւոր աշխատանքին համար, խնդրելով որ այս գնահատանքը փոխանցուի նաեւ բոլոր անոնց որոնք այս ծրագրին իրագործման համար աշխատեցան։
Քահանայապետական Տարեցոյցի ընդմէջէն ի յայտ կու գան 2011 տարուայ ընթացքին տեղի ունեցած եկեղեցւոյ մէջ յայտնուած նորութիւնները, ինչպէս՝ 2011 տարուայ ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին կողմէ հաստատուեցան 8 նոր եպիսկոպոսական աթոռներ, 1 վիճակաւորութիւն, մէկ զինուորական մատրանապետ։ Աշխարհի մէջ կաթողիկէներու թիւը 2010 թուականին բաղտատմամբ 2009-ին՝ 1.3 առ հարիւր տոկոսով աճ արձանագրած է։ Եպիսկոպոսներու թիւը 5.065-էն անցած 5.104ի, 0.77 առ հարիւր տոկոսով յաւելում արձանագրելով նոյնպէս քահանաներու թիւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.