Քրիստոնեաներու Իւրացուած Եկեղեցիներու Վերադարձի Հարցով՝ ԱՄՆ Ծերակուտականները Կը
Պահանջեն Ճնշումներու Ենթարկել Անգարան։
ԱՄՆ ծերակուտականներ Սքոթ Պրաուն, Տայա Ֆէինսդեն եւ Մարք Քըրք դիմած են ԱՄՆ պետական քարտուղարին`
պահաջելով ճնշումներու ենթարկել Անգարան, քրիստոնեաներու իւրացուած եկեղեցիներու վերադարձման
եւ կրօնական փոքրամասնութիւններուն դաւանանքի լիարժէք ազատութեան ընձեռման համար։
Ծերակուտականները
Թուրքիոյ կոչ ուղղած են՝ վերադարձնելու բոլոր վիճելի Եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ եկեղեցական
գոյքը` դպրոցներ, հիւանդանոցներ, յուշարձաններ, նաեւ շարժական գոյքեր :