2012-03-09 12:57:55

Քառասնորդաց Շրջանի Առթիւ Հոգեւոր Երաժշտական Համերգ Հռոմի Սրբոց Առաքելոց Նուիրուած Պազիլիքայի Մէջ։


Հայ երկու երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտներու ելոյթը:
Հռոմի Սրբոց Առաքելոց նուիրուած Պազիլիքայի՝ Անարատ Յղութեան Անուան սրահը շաբաթ 10 մարտի՝ ժամը 19.30-ին, Քառասնորդաց Շրջանի Հոգեւոր համերգներու շարքին՝ Մեծ Պահքի Գ կիրակիի առթիւ, Հռոմաբնակ երկու հայ երիտասարդ տաղանդաւոր երաժիշտներ՝ դաշնակահարուհի Տիանա Կապրիէլեան եւ ջութակահար Շանթ Էսկենեան ելոյթ պիտի ունենան ներկայացնելով հայկական երաժշտական կտորներ։ Այս առթիւ ՜՜երկու առաքեալներ եւ վկայութիւն՝՝ նիւթին մասին պիտի խօսի եղբայր Մարիօ Բերուցցոն։








All the contents on this site are copyrighted ©.