2012-03-09 12:51:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Այսօր Ուրբաթ 9 Մարտ 2012, առաւօտեան ժամը 9ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ մասնակցեցաւ քառասնորդաց շրջանի աւանդական ՜՜Պահոց քարոզներու՝՝ նիստին, զոր կատարեց Քահանայապետական տան քարոզիչը հայր Րանիէրօ Քանդալամէսսան։
Այս տարուայ խորհրդածութիւնները` ի պատրաստութիւն Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հաստատուած հաւատոյ տարուան (12 հոկտ 2012 - 24 նոյ. 2013) ներշնչուած են Արեւելքի Եկեղեցւոյ Հայրապետներու վարդապետութենէն եւ ունին որպէս բնանիւթ <<Յիշեցէք ձեր առաջնորդները ու անոնց հաւատքը ընդօրինակեցէք - Եկեղեցւոյ Հայրապետները Հաւատքի Վարդապետներ>>։Այսօրուայ խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթն է <<Սուրբ Աթանասը եւ Քրիստոսի Աստուածութիւնը>>։

Ժամը 11ին՝ Սրբազան Քահանայապետը յաջորդաբար ունկնդրութիւն շնորհեց Միացեալ Նահանգներու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի անդամ կարգ մը եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին

Ժամը 12ին՝ Վատիկանի Օրհնութիւններու Սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Առաքելական Ատեանի կողմէ ''Ապաշխարութեան Խորհուրդի'' նիւթին մասին կազմակերպուած՝ Գիտաժողովի 1300 մասնակիցներուն։ Նշենք որ վերոյիշեալ գիտաժողովը սկիզբ առած էր մարտ 5ին Հռոմի մէջ, անոր եզրափակումը կատարուեցաւ այսօր 9 մարտին։ Յայտնենք նաեւ որ վերոյիշեալ գիտաժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայքէն Հայր Եղիշէ վրդ. Ճենճին։ RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.