2012-03-09 12:57:12

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնեական Հաւատքի Փոխանցումը
Եկեղեցւոյ վսեմ առաքելութիւնը


Նորին Սրբութիւնը, Պենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը 2012-2013 տարեշրջանը հռչակեց ''Հաւատքի Տարի'': Հաւատքի տարին հռչակումով, Սրբազան Քահանայապերտը առիթ կու տայ մեզի`հաւատացեալներուս մտածելու եւ խորհրդածելու Եկեղեցւոյ վսեմ առաքելութեան մասին:
Եկեղեցին ինչպէս որ կանխաւ ըսինք, Աստուածային է, Սուրբ է որովհետեւ Աստուած զայն հիմնեց: Հետեւաբար, Եկեղեցին իր հիմնադրէն, Քրիստոսէն ժառանգած է երեք հիմնական առաքելութիւններ կամ իշխանութիւններ. ուսուցանելու, Ս. Խորհուրդները մատակարարելու, եւ հաւատացեալները հովուելու, առաջնորդելու դէպի իսկական, յաւերժական փրկութիւնը:
Քրիստոս իր վարդապետութիւնը յանձնեց առաքեալներուն, անոնց յանձնարարելով որպէսզի երթան աւետարանեն ամբողջ աշխարհը, ուսուցանեն համայն մարդկութիւնը: Առաքեալներն ալ իրենց կարգին, այս աւանդը փոխանցեցին իրենց յաջորդներուն:
Եկեղեցին այս աւետարանացումը կը կատարէ զանզանան միջոցներով, ինչպէս՝ Աստուծոյ խօսքը քարոզելով, հրատարակութիւններով, մամուլով, եւ զանազան հաղորդամիջոցներով: Եկեղեցին ուսուցանելու իր իշխանութիւնը կը գործադրէ զանազան յատուկ միջոցներով, այսինքն՝ հայրապետական կոնդակներով եւ շրջաբերականներով, ազգային ժողովներով եւ սիւնոդոսներով, որոնց ընթացքին առնուած որոշումները պարտադիր կը դառնան նոյն միութեան անդամ բոլոր եկեղեցիներուն:
Ս. Եկեղեցին մարդուն հոգեւոր կեանքը աճեցնող յատուկ միջոցներ ունի, որոնք Սուրբ հոգիին շնորհքներն են, այլ խօսքով՝ Սուրբ Խորհուրդները: Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները քրիսոտոնեայ հաւատացեալին կ՛օգնեն իր հաւատքը ապրելու:
Ս. Եկեղեցին ունեցած է, ունի, պիտի ունենայ հերոսական առաքինութիւններով օժտուած անդամներ, սուրբ կաթողիկոսներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, մայրապետներ, որոնք բազմամիլիոն ու բազմազգի հաւատացեաքներուն կ՛առաջնորդեն դէպի Քրիստոս, դէպի սրբութիւն, դէպի իրենց իսկական, յաւերժական փրկութիւնը, դէպի յաւիտենական կեանքը:
Սուրբ Եկեղեցին ունեցած է նաեւ դասալիքներ եւ դրուժաններ, վատե՛ր: Նախատեսած է զանոնք՝ նոյն ինքն Քրիստոս: Նախատեսած է զանոնք Ս. Պօղոս: Սակայն, սուրբ Եկեղեցին վեր է բոլոր դասալիքներէն, դրուժաններէն եւ վատերէն, որոնք մեղանչած են գերազանց, անխոցելի վարդապետութեան դէմ: Ո՛չ Արիոս, ո՛չ Եւտիքէս, ո՛չ Նեստոր, ո՛չ Կերուղարիոս, ո՛չ փոթորիկհը, ո՛չ սատանան, ո՛չ աղանդները, ո՛չ Եհովայի վկաները, ո՛չ ալ մասոնութիւնը, կամ որեւէ գաղտնի ընկերութիւն կրնայ խախտել Եկեղեցին իր տեղէն: Կանգուն կը մնայ իր հաւատքի վէմին վրայ, բարձր եւ անսասան:
Կրնան սասանիլ մարդիկ, բայց Ս. Եկեղեցւոյ ուսուցումը, վարդապետութիւնը կը մնայ անսասան:
Ս. Եկեղեցւոյ սեմին առջեւ կը դադրին բոլոր մարդկային տարակարծութիւնները, ոխերը եւ ատելութիւնները:
Ս. Եկեղեցւոյ մէջ, ներկայ է Եկեղեցին հիմնողը՝ Քրիստոս, մարմինով եւ արիւնով, որուն հանդէպ կը խոնարհին բոլոր գլուխները: Սա է Եկեղեցին՝ փրկութիւն աշխարհի:








All the contents on this site are copyrighted ©.