2012-03-09 12:52:30

Գամալտոլիի Միաբանութեան Հազարամեակի Արարողութիւնները։


Շաբաթ 10 մարտին եւ Կիրակի 11 մարտին, Հռոմի Սան Կրէկորիօ Ալ Չէլիօ Մենաստանի մէջ, մեծ շուքով պիտի նշուի գամալտոլիներու Միաբանութեան առաջին հազարամեակը ։
Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին, շաբաթ 10 Մարտի յետ միջօրէին պիտի այցելէ Հռոմի San Gregorio al Celio մենաստանը եւ անկլիքան եկեղեցւոյ Գանթըրպըրիի առաջնորդ՝ Արքեպիսկոպոս Րոան Ուիլիամսի հետ միասին պիտի նախագահէ ժամասացութեան համամիութեանկան արարողութիւնը։
Գամալտոլիներու Մենաստանը հիմնադրած է (1012-ին՝) Սուրբ Րոմուլտոսը։
Հազար տարիէ ի վեր Գամալտոլիիի Կրօնաւորները իրենց ծառայութիւնը կը մատուցեն եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալներուն, մասնաւորապէս իրենց առաքելութիւնը կեդրոնացնելով աւետարանութեան եւ համամիութենական ու միջկրօնական երկխօսութեան վրայ։
Չէլիոյի Սուրբ Գրիգորի մենաստանը Հռոմի եկեղեցւոյ եւ Անկլիքան Եկեղեցւոյ միջեւ կապերը խորհրդանշող յատուկ վայր մըն է։ Վայր մը ուր համամիութենականութիւնը կը ստանայ աւելի խոր իմաստ մը, որովհետեւ մենաստանի հայրերը Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ասդին Գանթըրպըրիի եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ հետ հաստատած են երկխօսութեան ամուր կապեր։Նշենք նաեւ որ ճիշդ այս վայրէն է որ 597 թուին երջանկայիշատակ Գրիգոր Պապը Գանթէրպուրրի առաջին Արքեպիսկոպոս ընտրեց Ս. Օգոստինոսը, եւ ուրիշ 40 կրօնաւորներ ու զիրենք ուղարկեց Քրիստոսի աւետարանը քարոզելու անգլիացիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.