2012-03-08 13:17:25

Քառասնորդաց Շրջանի Քարոզները Հիմնուած Արեւելքի Եկեղեցւոյ Հայրապետներու Վարդապետութեան Վրայ։


Ըստ Քահանայապետական Տան Հոգեբարձութեան տեղեկատուութեան Վատիկանի մէջ քառասնորդաց շրջանի աւանդական Պահոց քարոզները սկիզբ կ՛ առնեն 9 մարտին եւ վերջ կը գտնեն 30 մարտին։ Քարոզները կը կատարէ Քահանայապետական տան քարոզիչ հայր Րանիէրօ Քանդալամէսսան որուն խորհրդածութիւնները` ի պատրաստութիւն Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հաստատուած հաւատոյ տարուան (12 հոկտ 2012 - 24 նոյ. 2013) ներշնչուած են անցեալի <<հաւատքի Հսկաներու>> վարդապետութեան վրայ` Արեւելքի Եկեղեցւոյ չորս Հայրապետներու վարդապետութեան Ս. Աթանաս Աղեքսանդրիացի (296-375), Ս. Գրիգոր Աստուածաբան (329-390) Նազիանզացի Կէսարիոյ Սուրբ Բարսեղ Հայրապետ (329-379), եւ Նիկիոյ Ս. Գրիգոր հայրապետ (v.335-après 394։
Քառասնորդաց շրջանի աւանդական Պահոց քարոզները ունին որպէս բնանիւթ <<Յիշեցէք ձեր առաջնորդները ու անոնց հաւատքը ընդօրինակեցէք - Եկեղեցւոյ Հայրապետները Հաւատքի Վարդապետներ>>։ Առաջին խորհրդածութիւնը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ 9 մարտի առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ որուն գլխաւոր նիւթն է <<Քրիստոսի Աստուածութիւնը>>։
Միւս քարոզները, որոնք տեղի պիտի ունենան 16, 23 եւ 30 մարտին ունին հետեւեալ թեմաները. Սուրբ Հոգին, Ս. Երրորդութիւնը եւ Աստուծոյ Ճանաչումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.