2012-03-08 13:18:06

Նիճերիոյ Եպիսկոպոսները Կ'ամբաստանեն Երկրին Կառավարութեան Անկարողութիւնը Հաստատելու՝ Անվտանգութիւնը։


Եպիսկոպոսներու գնահատումով Նիճերիոյ մեծ հարցերը անլուծելի կը մնան պետութեան ու երկրի ղեկավարութեան անկարողութեան պատճառաւ, կը կարդանք Նիճերիոյ եպիսկոպոսներու հրապարակած պատգամին մէջ։ Եպիսկոպոսները կը պարզեն ժողովուրդը յուզող առօրեայ տագնապալի երեւոյթները, ինչպէս նաեւ կը դատապարտեն անապահովութեան իրավիճակը ընդգծելով որ երբ պետութիւն մը ի վիճակի չէ պահպանել իր հպատակներուն կեանքն ու ինչքերը ձախորդութեան դատապարտուած է։ Նշենք որ Նիճերիոյ տարեկան առաջին նիստին նիւթը եղաւ. ''կաթողիկէ դաստիարակութիւնը եւ նոր աւետարանութիւնը''։ Եպիսկոպոսներու հանդիպումը առիթ տուաւ դատապարտելու օտարամերժութիւնը, հետեւանք՝ տգիտութեան։ Եպիսկոպոսներու գնահատումով միայն որակեալ դաստիարակութիւնը կարող է կազմել քաղաքացիները եւ նպաստել հաստատելու քաղաքական, ընկերային, արդար տնտեսա-ընկերային կարգը։ Եպիսկոպսներու նիստը տեղի ունեցաւ Ապուժայի մէջ 25 փետրուարէն - 2 մարտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.