2012-03-08 13:19:44

8 Մարտ Կիներու Միջազգային Օրուայ Առթիւ։


Մարտ 8-ը աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու տօնացոյցի մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Կանանց Միջազգային Տօն ։ 1908ին Նիւ Եորքի ՝՝Գոթթոն՝՝ կերպասի գործարաններու բանուորուհուիները , ի նշան աշխատանքային անընդունելի պայմաններուն եւ ցած աշխատավարձքի դէմ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն։ Բանուորուհիները ունէին երեք պահանջքներ ` աշխատանքային օրուան կրճատում, աշխատանքային պայմաններու բարելաւում եւ տղամարդոց հետ հաւասար աշխատավարձք: Տասնըվեց ժամ աշխատող կիները տղամարդոց համեմատ շատ ցած աշխատավարձք կը ստանային։
Այս ցոյցերը սակայն կ՝երկարաձգուէին, ուստի գործարանի սեփականատէրը կ՝որոշէ փակել գործատան դռները,որպէսզի բանուորուհիները դուրս չելլեն։ Բայց գործատան մէջ ծագած հրդեհը պատճառ կ՝ըլլայ 129 բանուորուհիներու մահուան։
Այսպէս 1910-ի օգոստոսի 27-ին ԱՄՆ-ի մէկ պատուիրակութիւնը կը ժամանէ Գոբենհակ Ընկերվարական Կիներու 2-րդ Միջազգային Խորհրդաժողովին , եւ հոն որոշում կ՝առնուի ամէն տարի այդ օրը ցոյցեր կազմակերպել հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար կիներու հարցերուն :
Իսկ 1975-ին սկսած Կանանց Միջազգային Օրը ամեն տարի կը նշուի Մարտ 8-ին` ՄԱԿ-ի որոշումով։
Հայաստանի մէջ այս տօնը նշուած է ինչպէս խորհրդային, այնպէս ալ անկախութեան առաջին տարիներուն, բացառաբար 1996ին, երբ հանուեցաւ պաշտօնական տօնացոյցէն եւ փոխարինուեցաւ Ապրիլ 7ով` իբրեւ Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան տօն:
Այժմ Հայաստանի մէջ կը նշուի թէ Մարտ 8ը, թէ Ապրիլ 7ը, որ նաեւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի Աւետման Տօնն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.