2012-03-07 13:05:00

Փսփսուքներու Գիրքը Հատորին Հեղինակը Րումանահայ Վարուժան Ոսկանեան Հռոմի Մէջ։


Հռոմի' ''Auditorium Parco della Musica'' երաժշտութեան լսարանին մէջ, Ուրբաթ 9 մարտին եւ Րումանիոյ Ակադեմիային մէջ Շաբաթ 10 մարտին, ՜՜Գրականութեան փառատօնին՝՝ առթիւ՝ ներկայացումը պիտի կատարուի Րումանահայ գրող Վարուժան Ոսկանեանի ՜՜Փսփսուքներու Գիրքը՝՝ հատորին, որը ի շարս այլ լեզուներու թարգմանուած է նաեւ իտալերէնի ( լոյս տեսած՝ 2011ին Քէլլեր հրատարակչատունէն)։
Գիրքը կը խօսի հայ ժողովուրդին ու պատմութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու տարագիրներու մասին։
Փառատօնը կազմակերպուած է Իտալիոյ մէջ Րումանիոյ եւ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութիւններուն կողմէ, համագործակցութեամբ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին ու Հռոմի ու Լացիոյի հայ ընկերակցութեան եւ ՜՜Աղթամար՝՝ երկլեզու ելեկտրոնային երկշաբաթաթերթի տեսչութեան։
Այս առթիւ ՜՜ինչպէս գրել հայոց ջարդին պատմութիւնը՝՝ նիւթին մասին ելոյթ պիտի ունենան ՜՜Փսփսուքներու Գիրքը՝՝ հատորին հեղինակը Վարուժան Ոսկանեան ու նաեւ՝ Արտոյտներու Ագարակը, Դէպի Զմիւռն ու Մուշի գիրքը հատորներու ու այլ գիրքերու հեղինակ՝ իտալահայ գրող փրօֆ. Անթոնիա Ասլան։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.