2012-03-07 13:04:50

Սարկաւագի Ձեռնադրութիւն Պրազիլի Մէջ


Կիրակի, 12 փետրուար 2012-ին, Սան Փաուլոյի (Պրազիլ) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, արհիապատիւ Վարդան եպս. Պօղոսեան սարկաւագ ձեռնադրեց Ֆապիօ Տա Սիլվէյրա Վակնէրը, որ Միքայէլ անունը առաւ եւ խորհրդականօրէն նմանեցաւ Քրիստոսի, որ ինքզինք բոլորին ծառան ըրաւ։ Միքայէլ սարկաւագ պիտի նուիրուի Աւետարանը հռչակելու եւ քարոզելու առաքելութեան եւ քրիստոնեայ հասարակութեան ծառայութեան, մանաւանդ օգնելու համար եպիսկոպոսին եւ քահանաներուն սուրբ Պատարագի եւ խորհուրդներու արարողութիւններուն ընթացքին։

Նոր ձեռնադրեալ սարկաւագը 34 տարեկան է, պրազիլցի, ծնած է՝ Բորանկապա, Սան Փաուլօ։ Իր աստուածաբանական ուսումը կատարած է Րիօ Տը Ժանեյրոյի արքեպիսկոպոսական նոր ընծայարանին մէջ։ Փոքր կարգերը եւ կիսասարկաւագութիւնը ստացած է Սան Փաուլոյի հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անցած է Պուէնոս Այրէս, Արժանթին, ուր շրջան մը անցուցած է ուսումնասիրելով հայոց պատմութիւնը, լեզուն եւ ծէսը։ Այժմ կը պատրաստուի 6 ամսուան համար մեկնելու Հայաստան, ուր որպէս սարկաւագ պիտի ծառայէ Քանաքեռի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.