2012-03-07 12:48:53

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պտարիարք Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոսը Ու Անոր Ընկերացող Սիւնհոդոսական Հայրերը։


RealAudioMP3 Սրբազան Քահանայապետի մարտ 7-ի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին, սիւնհոդոսական նիստի առթիւ Հռոմի մէջ հաւաքուած, Հայ կաթողիկէ Նուիրապետութեան եպիսկոպոսները, գլխաւորութեամբ Կաթողիկէ Հայոց` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս ԺԹ Պտարիարքին։
Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին իր ճառին սկիզբը Սրբազան Հայրը յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդներուն ''Եղբայրական սիրով կ՛ուզեմ ողջունել Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Պատրիարք Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ ու հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եպիսկոպոսները որոնք Հռոմ ժամանած են զանազան ցամաքամասերէ գումարելու համար իրենց տարեկան սիւնհոդոսական նիստը։ Գնահատանքս կը յայտնեմ անոնց, իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան հանդէպ` իրենց աւանդական քրիտոնեական ժառանգութեան եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Հաւատարմութիւն մը որ թիկունք հանդիսացաւ իրենց պատմութեան բազմաթիւ դժուարութիւններու ընթացքին։
Իրենց կ՛ուղեկցիմ թախանձաքին աղօթքներովս եւ առաքելական օրհնութեամբ, յուսալով որ Սիւնհոդոսական աշխատանքները զարգացնեն առաջնորդներու միջեւ միութիւնը` այնպէս որ անոնք կարենան աւետարանական հոգիով նորոգուած` առաջնորդել հայ կաթողիկէները Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ անձնուիրումի եւ ուրախ վկայութեան ճանապարհին վրայ։
Մինջ հայ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական աշխատանքները կը յանձնեմ Աստուծոյ Ամենասուրբ Մօր խնամքին` իմ աղօթարար մտածումս կ՛ուղղեմ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի շրաջաններուն քաջալերելով Հոգեւոր Հովիւներն ու համայն հաւատացեալները յոյսով յարատեւելու եւ յառաջ երթալու հակառակ դժուար ու ողբերգրական վիճակին, որուն մէջ կ՛ապրին։
Ունկնդրութեան աւարտին Հայ կաթողիկէ հայրապետները առիթը ունեցան առանձնապէս ողջունելու Սրբազան Քահանայապետը։
Նշենք որ 6 -13 մարտ Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական Հայ դպրեվանքին մէջ, տեղի կ՛ունենայ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ հայ կաթողիկէ թեմերու արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն եւ վիճակաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.