2012-03-07 13:01:56

Նիւ Եորքի Առաջնորդը Խստիւ Քննադատած Է ԱՄՆի Ներկայ Կառավարութիւնը Որ Կ'ուզէ Սահմանափակել Կրօնքի Ազատութիւնը։


կարտինալ Թիմոթէյի Տոլան` նախագահը ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ''զարհուրելի'' որակած է ամերիկեան վարչութեան նոր քաղաքականութիւնը, հայող՝ առողջապահութեան, որով կը սահմանափակէ բժիշկներու խիղճի ազատութիւնը։ Կարտինալ Տոլան եպիսկոպոսներուն ուղղած նամակով կը հրաւիրէ զանոնք որ լաւապէս պատարստուին դիմագրաւելու առողջապահութեան նախարարութեան թղթածրարը որ կը միտի ճնշում բանեցնել Եկեղեցւոյ վրայ։ Որպէս հովիւներ, կ'ընդգծէ կարտինալ Տոլան , պէտք է մեր ոյժերը ծառայեցնենք ի սպաս հիւանդներու խնամատարութեան, նոր սերունդի կազմաւորումին ու աղքատներու հոգատարութեան։ Քրիստոսէն մեզի յանձնուած պարտականութիւնները վտանգի մէջ են, ներկայ ամերիկեան վարչութենէն։ Մեր այս մտավախութիւնները, չի հայիր միայն կաթողիկէներուն, այլ հակառակ է կրօնական ազատութեան սկզբունքին. եւ ասոր համար հարկաւոր է դիմել օրէնսդրական ու դատական բոլոր միջոցառումներուն։
Նշենք որ եկեղեցին իր բոլոր հաւատացեալներուն կը ծանօթացնէ առողջապահութեան նոր օրէնքը, որ կ'ուզէ բոլոր բժիշկներուն պարտադրել վիժումի կիրարկումը եւ հակայղութեան դեղերու կիրարկումը հանրային թէ եկեղեցւոյ պատկանող հիւանդանոցներուն մէջ։ Կարտինալը իր նամակը կ'եզրափակէ ընդգծելով որ կրօնական ազատութիւնը մեր ժառանգութիւնն է ըլլայ որպէս կաթողիկէներ եւ ըլլայ որպէս ամերկացիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.