2012-03-06 12:15:20

Իտալիոյ Միացումի 150-ամեակին Առթիւ Վատիկանի Մէջ Պաշտօնական Ցուցահանդէս Մը Կազմակերպուած Է ՜՜ Իտալիա Ու Եկեղեցի՝՝ Վերտառութեամբ։


Իտալիոյ միացումին 150-ամեակին առթիւ, Վատիկանի մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է ''Իտալիա ու Եկեղեցի վերազարթօնքէն այսօր'' վերտառութեամբ։ Յայտնենք որ Իտալիան մինչեւ 19-րդ դարը, եղած է անկախ պետութիւններու համակուտակում մը։ 19-րդ դարու կէսին, տեղի ունեցաւ վերազարթօնքի շարժումը, որուն հետեւանքով Իտալիոյ թագաւորը թերակղզին միացուց մէկ դրօշակի տակ։ Եկեղեցւոյ համար այդ դարը եղաւ քահանապետական պետութիւններու կորուստը եւ Հռոմը դարձաւ միացեալ Իտալիոյ մայրաքաղաքը եւ այդ օրուայ քահանայապետը ` երջանկայիշատակ Պիոս 9-րդ ինքզինք նկատեց որպէս ''Վատիկանի բանտարկեալ''։ Այդ կացութիւնը գոյատեւեց մինչեւ 1929, երբ լատերանեան դաշինքի կնքումով կանոնաւորուեցան յարաբերութիւնները Ս. Աթոռի եւ Իտալիոյ միջեւ։
150 տարի յետոյ, այդ ընդհարումները այլեւս պատմութեան կը պատկանին, քանի որ Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ, Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը Ճորճօ Նաբոլեթանօ եւ Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթի ներկայ պիտի գտնուին ցուցհանդէսին բացման, որ տեղի պիտի ունենայ իտալական ծերակոյտի պալատին մէջ։
Ցուցահանէդէսը կազմակերպուած է համագործակցութեամբ՝ Օսսերվատորէ Ռոմանօ Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթի։ Վատիկանի օրաթերթը հիմնուեցաւ միացեալ Իտալիոյ պետութեան ստեղծումով` 1861 թուականին։ Վատիկանի գաղտնի դիւանը եւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարութիւնը ընծայած են հետաքրքրական նմոյշ-վաւերաթուղթեր այդ ցուցահանդէսին, որ բաց կը մնայ մարտ 7 էն17 ։








All the contents on this site are copyrighted ©.