2012-03-06 12:16:51

՜՜Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սահիլի Ի Խնդիր՝՝ Հիմնադրամը Երկու Միլիոն Տոլար Տրամադրած Է Սահելի Բնակչութեան Համար։


Կը նախատեսուի իրականացումը 200 ընկերա-տնտեսական ծրագիրներու։
՞՞Յովհաննէս Պօղոս Բ[ Սահիլի ի խնդիր՜՜ հիմնադրամը կը վայելէ հովանաւորութիւնը Մէկ Սիրտ կոչուած Վատիկանի բարեսիրական մարմնին։ 2012-ին համար կը նախատեսէ 200 ծրագիրներու իրականացումը Սահելի շրջանի 9 երկիրներու մէջ։ ՀիմնադրամիՆ նախագահը գերապայծառ Տալ Թոզօ յայտնեց որ 2012ի ծրագիրները կը նախատեսեն պայքար ապաանապատացումի դէմ եւ երիտասարդներու կազմաւորումը այդ շրջանի ոռոգումին համար։ Գերապայծառ Տալ Թոզօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին ըսաւ. թէեւ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն մըն են Սահելին մէջ սակայն մեր հաւատքը մեզմէ կը պահանջէ օգնութեան հասնիլ բոլոր անոնց որոնք դժուարութեան մէջ են։ Նշենք որ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սահիլի ի խնդիր հիմնադրամը ստեղծուած է 22 փետրուար 1984-ին Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կամքով, ունենալով որպէս կէտնպատակ զօրավիգ կանգնիլ Սահելի բնակչութիւններուն։ Հիմնադրամին կեդրոնը Վատիկան կը գտնուի եւ կը տնօրինուի Սահելի եպիսկոպոսներէն։ Անոր նպատակն է պայքարիլ անապատականացումին ու երաշտին դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.