2012-03-05 16:17:07

ֆրանսա։Սէն Շամոնի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի Անուան Եկեղեցւոյ Օծում, Եւ Հայ կաթողիկէ Մշակութային Կեդրոնի Ու Յարակից՝ Կարտ. Աղաճանեանի Անուան Սրահին Պաշտօնական Բացումը։


ֆրանսայի մէջ, այս տարի կը նշուի հայ կաթողիկէ էկզարքութեան 50ամեակը՝ եւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսական թեմի 25-րդ տարեդարձը այս առթիւ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութիւններու շարքին, շաբաթ 3 մարտին տեղի ունեցաւ Սէն Շամոնի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի անուան եկեղեցւոյ օծումը, եւ պաշտօնական բացումը Հայ կաթողիկէ Մշակութային կեդրոնին ու անոր յարակից կարտ. Աղաճանեանի անուան սրահին, նախագահութեամբ՝ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի՝ կառավարիչը Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդին։
Հայածէս ձայնաւոր Ս Պատարագը մատոյց Արհիապատիւ Գրիգոր եպ. Կապրոյեան՝ առաջնորդը ֆրանսայի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Ներկայ էին եկեղեցական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հայ կաթողիկէ ու քոյր եկեղեցիներու նաեւ միութիւններու, կազմակերպութիւններու ու բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Իսկ կիրակի 4 Մարտին, հայ կաթողիկէ առաջնորդները եւ քահանաները այս նորօծ եկեղեցւոյ մէջ համապատարագեցին, որմէ ետք ալ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.