2012-03-05 12:27:06

Յիսուսեաններու ’La Civiltà cattolica’ Պարբերաթերթը Կը Քաջալերէ Ճշմարտութեան Սէրը Եւ Անկեղծութիւնը։


Մէկ մարտին լոյս տեսնող ’La Civiltà cattolica’ Յիսուսեաններու պարբերաթերթի խմբագրականը կը քաջալերէ ճշմարտութեան հետապնդումը ընկերութեան մը մէջ ուր կը տիրէ, պատեհապաշտութիւնը, հեշտասիրութիւնը, կեղծիքը եւ դաւադրութիւնը։ Անկեղծ եւ ճշմարտասէր մարդը կը սատարէ ստեղծելու մթնոլորտ մը՝ բարոյապէս առողջ, որուն պահանջքը կը զգայ ընկերութիւնը։ Ներշնչուելով կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնագիրքէն, խմբագիրը կ'աւելցնէ որ՝ սուտը արմատն է հոգիներու բաժանումին եւ կը քանդէ վստահութիւնը մարդոց միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.