2012-03-05 12:31:23

Թուրք իոյ Վարչապետը «Վրէժխնդիր Ըլլալու» Կոչեր Ընելով, Թշնամանք եւ Պառակտում Կը Սերմանէ. Այսպէս կ՝արտայայտուին Պոլսոյ Թաքսիմ Հրապարակի Ցուցարարները։


Պոլսոյ մէջ, 4 Մարտին,մօտ 1000 հոգինոց ցոյց մը կազմակերպուած էր` ի նշան անհամաձայնութեան` անցեալ շաբաթ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին տեղի ունեցած այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան» զոհերու յիշատակին կազմակերպուած բողոքի ցոյցին ընթացքին բացուած ցուցապաստառներուն: 4 Մարտի ցուցարարներուն մէջ եղած են լրագրողներ, գրողներ, դերասաններ ու մտաւորականներ:
Անցեալ շաբաթ Թաքսիմ հրապարակին տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին եղած էին հակահայկական, ֆաշիստական բնոյթի ցուցապաստառներ:
Իսկ 4 Մարտին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին ցուցարարներ քալած են` ցեղապաշտութիւնը դատապարտող պաստառներով եւ «Կեցցէ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը», «Թուրքիան թուրքերէն անդին,ունի նաեւ այլ բարեկամներ », «ոչ ֆաշիզմին», «ատելութիւնը ձեզի, մարդկայնութիւնը` մեզի» կարգախօսերով:
Մօտ մէկ ժամ տեւած քայլերթէն ետք՝ Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակ հասած ցուցարարներուն անունով ելոյթ ունեցած է լրագրող Եաշար Կիւվեն: «Անցեալ շաբաթ այստեղ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» պատրուակով հայերու եւ բոլոր ազգերու հասցէին ատելութեան խօսքեր, սպառնալիքներ, կը տարածուէին: Իրական պատճառը, սակայն, Խոջալուն չէր: Կառավարութիւնը, Ֆրանսայի մէջ հայանպաստ օրինագիծը պատճառ բերելով, հայերուն հետ թշնամութիւն կը սերմանէ: Սակայն ամէն ինչ այդքան ալ հեշտ չէ, որովհետեւ մենք թոյլ չենք տար: Մենք հայերը առանձին չենք ձգեր: Մենք անոնց չենք հայհոյեր, չենք սպառնար: Մեր ձեռքերուն մէջ ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն տարածող պաստառներ չկան: Մենք դէմ ենք ֆաշիզմին, ազգայնամոլութեան, ատելութեան ու շովինիզմին»(ըսած է ան):
Ցոյցին մասնակցած է նաեւ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Մահմուտ Թանալ: Ան յայտարարած է, որ վարչապետը, «վրէժխնդիր ըլլալու» կոչեր ընելով, թշնամանք եւ պառակտում կը սերմանէ: «Մենք այստեղ հաւաքուելով` խաղաղութիւն կը մատնանշենք»,( ըսած է ան):








All the contents on this site are copyrighted ©.