2012-03-05 12:31:34

՝՝ԱԶԴԱԿ՝՝ 85 Տարեկան ։


Լիբանան լոյս տեսնող «Ազդակ»օրաթերթը այսօր 5 Մարտ դարձաւ 85 տարեկան: Տարին յոբելինական է ընդհանրապէս հայ մամուլին համար, որովհետեւ կը զուգադիպի հայկական տպագրութեան 500-ամեակին: Մամուլ, հրատարակչատուներ, մշակութային պետական հաստատութիւններ թէ միութիւններ հայկական աշխարհով մէկ կը նշեն յոբելեանը, հայ գրատպութեան կարեւորութիւնը անգամ մը եւս լոյսին բերելու եւ ժամանակակից խնդիրներու նկատառումով հայ գրքին ու մամուլին դիմագրաւած հարցերը քննարկելու եւ հետեւութիւններ կատարելու համար:
Այսօր,Մարտ 5-ին, «Ազդակ»-ի ընտանիքը իրեն յատուկ մթնոլորտի մէջ բաժակ կը բարձրացնէ աշխատողներուն, ընթերցողներուն ու, ինչո՞ւ չէ, բոլորիս սեւեռակէտը եղող հայրենիքին կենացը, կը մաղթէ, որ 85 տարի առաջ, 5 մարտին ճամբայ ելած կառքը ընթանայ անխափան, հակառակ կեանքին ու տնտեսական տագնապներուն պարտադրած ճնշումներուն: Աշխարհի չորս ծագերէն` կայքէջին ճամբով «Ազդակ»-ին հետեւողներն ալ բաժնեկից կ՝ ըլլան այն ցնծութեան, որ իր ծնունդէն 85 տարիներ ետք, «Ազդակ» միշտ ալ կը գտնէ աշխուժ, երիտասարդ ու կենսունակ մնալու հնարքները` վստահելով հայ մամուլի առաքելութեան հաւատացողներուն:
Բոլորս ալ պիտի մաղթենք, որ «Ազդակ»-ի ճակատին անվերջանալի ըլլան թիւերու ամէն օր ու ամէն տարի փոփոխումները, 85 տարի առաջ, հիմնադիր տնօրէնին կողմէ սկսուած դրօշարշաւը շարունակուի նորանոր նուաճումներով:

Այս առթիւ Բարի Տարեդարձ ՝՝Ազդակի՝՝ն Ռատիօ Վատիկիանի Հայերէն Հաղորդումներու Բաժնի Անձնակազի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.