2012-03-04 09:26:45

Հայ Գիրքի Տարուան Նուիրուած Գործունէութիւն Քեսապի Մէջ։


Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Շահան Եպս. Սարգիսեանին ու Ազգային Իշխանութեան Կրօնական Ժողովին, Քեսապի «Ս. Աստուածածին» Կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը կազմակերպած են Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից «Սահակեան» սրահէն ներս «Հայ գիրքի» տարուան նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած են Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց ճեմարանի 7-10րդ դասարանի աշակերտները։
Օրուան դասախօսը՝ դոկտ. Շողեր Աշըգեան, աշակերտներուն ներկայացուց «Գիրքի պատմութիւնը»։ Նախ խօսեցաւ գիրքի ծնունդին մասին, որ կը յաջորդէր գիրի Ծնունդին։ Ան անդրադարձաւ նաեւ հին ազգերու գրական շարժումին, գրատպութեան գիւտին, որ կատարուեցաւ Եւրոպայի մէջ Եոհանս Կիւթենպէրկի ջանքերով։ Իսկ գալով հայ գիրքի պատմութեան, ան սկսաւ մեր ձեռագիր մատեաններու ծնունդէն, մինչեւ բարձր մակարդակի գրչութեան կեդրոններու հիմնադրութիւնը եւ մինչեւ հայ նշանաւոր տպագրութեան կեդրոններու զարգացումը։
Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ ձեռային աշխատանքի պատրաստութիւն։ Աշակերտները պատրաստեցին էջադիրներ, որոնց վրայ մակագրեցին Արամ. Ա. կաթողիկոսի սա խօսքը. «Հայ գիրքը աղբիւր է մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն. պէտք է մօտենալ այդ աղբիւրին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.