2012-03-04 09:27:04

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Մէջ։


Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ Հառիճավանքի մէջ, Փետրուարի 28-էն մարտ մէկ՝ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհորդի ժողով մը՝ ընդլայնուած կազմով։
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքէն ետք՝ ժողովականները քննարկեցին օրակարգի հարցերը։
Եռօրեայ ժողովի օրակարգին մէջ ընդրկուած էին թեմական, կանոնական-ծիսական եւ կարգապահական խնդիրներ։
Այս առթիւ՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Արիս արք. Շիրվանեան, որ տեղեկացուց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի առողջական վիճակը որ ՜՜ծանր է՝՝ անոր յառաջացած տարիքի պատճառով ։ Ժողովին ներկայացուեցան զեկոյցներ Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական, սրբադասման եւ ծիսական հարցերով յանձնախումբերու կատարած աշխատանքներու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.