2012-03-04 09:28:05

ԱՂՕԹՔ ՍՈՒՐԻՈՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ


Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Բոլոր Եկեղեցիներու Մէջ, Աղօթք Սուրիոյ Ժողովուրդին Համար։
Կիրակի 4 մարտ 2012-ին՝ նախաձեռնութեամբ Պէյրութի ՜՜Աւետման Ս Կոյսին՝՝ նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեանի, Լիբանանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալները հետեւեալ աղօթքը բարձրացուցին առ Աստուած, Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերահաստատումին ու Սուրիոյ ժողովուրդին համար։

Տէր Աստուած հզօր,
Արարիչ երկնքի եւ երկրի,
Դուն, որ սկիզբէն սիրեցիր մարդը
եւ անոր փրկութիւն խոստանալով,
Որդիդ ղրկեցիր աշխարհ,
որպէսզի իր արիւնով խաղաղութեան ուխտ կնքէ անոր հետ,
Դուն, որ Որդիիդ չարչարանքներուն միջոցաւ մեզի սորվեցուցիր համբերութեամբ կրել ամէն բան՝ ի տես յարութեան յոյսին,
Տէր, այս բոլորը գիտնալով, այսօր մեր աղօթքը կը բարձրացնենք քեզի յատկապէս Սուրիոյ ժողովուրդին համար:
Տէր Աստուած, օգնէ՛ այս երկրի պետերուն, քաղաքագէտներուն,
մանաւանդ հոն գտնուող եկեղեցիներու հովիւներուն
եւ խաղաղութեան մէջ պահէ՛ զանոնք:
Տէր, դադրեցո՛ւր պատերազմը
որպէսզի երբեմնի առաքեալներու երկիրը
չտառապի խաղաղութեան պակասէն:
Ըրէ՛ այնպէս, որ Սուրիոյ ժողովուրդը
եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները
Քեզ ճանչնան որպէս միակ աղբիւրը խաղաղութեան:
Ամէն:

Պէյրութ՝ 2 Մարտ, 2012








All the contents on this site are copyrighted ©.