2012-03-03 11:56:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 3 մարտ 2012, առաւօտեան ժամը 9ին Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ տեղի ունեցած՝ վերջին խորհրդածութեան նիստով, վերջ գտաւ անցեալ 26 փետրուարին սկիզբ առած Հոգեւոր կրթութիւնը որուն մասնակցած էր նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եւ Վատիկանի Վերին Վարչութեան անդամները։
Հոգեւոր Կրթութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Հոգեւոր Կրթութեան քրոզիչ Գինշասայի Արքեպիսկոպոս` Գոնկոլացի կարտինալ Լորան Մոնսենկուօ Բազինիայի հետ, անոր շնորհակալական խօսքեր ուղղելով։ Նշենք որ Կարտինալ Մոնսենկուօ Բազինիան որպէս Հոգեւոր Կրթութեան խորհրդածութեան նիւթ ընտրած էր Յովհաննէս առաքեալի առաջին թուղթէն քաղուած հատուածը << Մեր հաղորդութիւնը ըլլայ Հօր, եւ անոր Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի հետ>>։Իսկ Վաղը՝ Կիրակի օրը առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը աւանդական հովուական այցելութիւնը պիտի կատարէ Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի անուան Հռոմի Թորրինօ շրջանի ժողովրդապետութեան, ուր պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.