2012-03-03 11:57:20

Ընտանիքներու Համաշխարհային Հանդիպումը Իտալիոյ Միլանօ Քաղաքը։


Մայիս 29 էն մինչեւ 3 յունիս, Իտալիոյ Միլանօ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ընտանիքներու համաշխարհային եօթներորդ հանդիպումը։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անձամբ պիտի եզրափակէ հանդիպումը Պրեսսօ կոչուած օդակայանին մէջ։ Զուիցերիոյ Թեսէն թեմէն 700 հաւատացեալներ արդէն արձանագրուած են մասնակցելու՝ ընտանիքի եզրափակիչ հանդիպումին։
Յայտնենք որ Միլանօ թեմի ընտանիքի հովուութիւնը ի պատրաստութիւն ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումին, նախապատրաստական տասը դասընթացքներ նախատեսած է .''ընտանիք, աշխատանք եւ տօն'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.