2012-03-03 12:38:24

Եւրոպական Միութիւնը Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդը Ճանչցած Է Իբրեւ Սուրիացիներուն «Օրինական Ներկայացուցիչ»:


Եւրոպական Միութեան 27 երկիրները, աւարտելով Պրիւքսէլի մէջ երկօրեայ գագաթաժողովը, Սուրիոյ ազգային խորհուրդը յայտարարած են սուրիացիներու «օրինական ներկայացուցիչ»ը:
«Եւրոպական Միութիւնը կ'աջակցի սուրիական ընդդիմութեան՝ անոր ազատութեան համար պայքարին, արժանապատուութեան, ժողովրդավարութեան եւ կոչ կ'ընէ ընդդիմութեան բոլոր անդամներուն միաւորուելու նոր Սուրիոյ համար, ուր բոլոր քաղաքացիները օժտուած կ'ըլլան հաւասար իրաւունքներով», ( ըսուած է գագաթաժողովի վերջնական փաստաթուղթին մէջ):
Գագաթաժողովի մասնակիցները Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասսատին կոչ ըրած են հրաժարական տալու` որպէսզի հարթուի երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ստեղծման ճանապարհը :
Բացի այդ, ԵՄ առաջնորդները սուրիական իշխանութեան կոչ ըրած են ապահովելու նաեւ օտարերկրացի քաղաքացիներուն, որոնց կարգին լրագրողներուն անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ չխոչընդոտել անկախ մարդասիրական գործակալութիւններուն մուտքը Սուրիա:
Մինչ այդ երէկ ֆրանսա վերադարձան ֆրանսացի երկու լրագրողներ՝ Էտիթ Պուվիէ եւ Վիլիամ Տանիէլս։








All the contents on this site are copyrighted ©.