2012-03-02 13:30:11

Նոր Աւետարանացումը Եւ Քրիտոնեական Հաւատքի Փոխանցումը
Եկեղեցին՝ Աստուածային կառույց


Եկեղեցին՝ յունարէն Ἐκκλησία (ekklesia), բառէն եկած է, որ կը նշանակէ համախմբում, կազմակերպութիւն, ժողովարան կամ հաւաքատեղի: Մեր Տէրը Յիսուս, աշխարհէն չմեկնած ուզեց հիմնել կազմակերպութիւն մը, որուն նպատակը ըլլար անոր փրկչագործութեան առաքելութիւնը շարունակել բոլոր ազգերուն ու ժողովուրդներուն համար: Աստուածային այս նպատակը իրագործելու համար, Յիսուս աշակերտներ ընտրեց եւ զանոնք առաքեալներ կարգեց, որոնց հաւատացող մարդոց ամբողջութիւնը ,Եկեղեցիե կոչուեցաւ, որ հաւաքոյթ կը նշանակէ ինչպէս ըսինք:
Հետեւաբար, Եկեղեցին Քրիստոսի հիմնած հոգեւոր այն կազմակերպութիւնն է, որուն առաքելութիւնը կը կայանայ մարդիկը քրսիտոնեայ դարձնելու եւ զանոնք առաջնորդելու դէպի երկնաւոր արքայութիւնը, դէպի յաւիտենական կեանքը:
Եկեղեցին, իր էութեան մէջ կը կազմէ մարմին մը, որուն անդամ կը դառնան բոլոր ժողովուրդներուն պատկանող մկրտուած այն հաւատացեալները, որոնք Յիսուս Քրիստոսը կը դաւանին որպէս Աստուած, եւ անոր քարոզած վարդապետութիւնը կը ճանչնան:
Որպէս կազմակերպութիւն, Եկեղեցին ունի ընկերային- հասարական կառոյց, տնտեսութիւն, վարչակազմ: Եկեղեցին ունի հրամանի կեդրոն եւ գլուխ՝ նշանակուած իր հիմնադրին կողմէ, Քրիստոսէն, որպէս յաջորդ Ս. Պետրոս առաքելապետի, եւ այս գլխապետին կը հնազանդին Եկեղեցիին պատկանող ամէնազգի եկեղեցականներն ու աշխարհական հաւատացեալները:
Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցին զինք բնորոշող իր յատկանիշներն ունի, առանց որոնց եկեղեցի մը՝ ըլլայ ան օրթոտոքս, կաթողիկէ կամ աւետարանական, չի կրնար Քրիստոսի պատկանիլ: Այս յատկանիշները ամփոփուած են մեր դաւանանքի բանաձեւին մէջ, զոր կը կոչենք ,հաւատամքե: Եկեղեցիին յատկանիշները չորս հատ են.
Մէկութիւնը – Ընդհանրականութիւնը - առաքելականութիւնը եւ Սրբութիւնը
ա- Քրիստոսի Եկեղեցին մէկ է: Քրիստոս իր առաքելութեան ընթացքին մէկ Եկեղեցի հիմնեց, եւ այդ մէկ եկեղեցիին համար աղօթեց. ,թող մէ՛կ ըլլան ինչպէս որ մենք մէկ ենքե (Յովհաննէս 17,22): Միութիւնը զոր կայ Յիսուսին եւ իր Հօր միջեւ նաեւ Եկեղեցւոյ սերտ միութիւնն է Քրիստոսի հոգիին հետ: Բոլորս մէկ եկեղեցւոյ կը պատկանինք, եւ եթէ մէկ եկեղեցւոյ կը պատկանինք, ուրեմն մէկութիւնը նաեւ դաւանանքի մէկութիւն է: Մէկ Քրիստոս կը դաւանինք:
բ- Քրսիտոսի Եկեղեցին ընդհանրական է, եւ ասիկա անոր երկրորդ յատկանիշն է: Ընդհանրական է ըսելով կը հասկնանք որ ան բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր ազգերուն համար է, չէ վերապահուած ազգի մը: Եկեղեցին միջազգային է: Բոլոր ազգերը հոն տեղ ունին, իրենց դիմագիծով եւ ինքնութեամբ, աւանդութիւններով, մշակոյթով, լեզուով, ծէսով եւ ցեղով:
գ- Քրիստոսի Եկեղեցին առաքելական է: Քրիստոս իր հիմնած եկեղեցին շարունակելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը յանձնեց միայն իր առաքեալներուն, առաքեալներն ալ իրենց հերթին՝ իրենց հիմնած եկեղեցիներուն: Այսպէս՝ Ս. Պետրոս հիմնեց Հռոմի Եկեղեցին, Ս. Յակոբ՝ Երուսաղէմի Եկեղեցին, Ս. Պօղոս՝ յունական Եկեղեցին, Ս. Մարկոս՝ Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցին, իսկ Ս. Բարթողիմէոս եւ Թադէոս՝ Հայոց Եկեղեցին: Նշելու ենք նաեւ, որ Առաքելական Եկեղեցի ըլլալ՝ կը նշանակէ ո՛չ միայն առաքեալի մը կողմէ հիմնուած ըլլալ, այլ նաեւ առաքեալներուն վարդապետութեան ու աւանդութիւններուն շարունակութիւնը պահպանել:
դ- Քրիստոսի Եկեղեցին սուրբ է, որովհետեւ ան Աստուածային է: Սուրբ է վարդապետութեամբ, սուրբ`բարոյականով, սուրբ՝ պաշտամունքով, սուրբ`անդամներով: Սուրբ Հոգին է որ զայն կը սրբացնէ: Ս. Հոգիին ներգործումով` Եկեղեցին սրբութեան աղբիւր կը դառնայ, եւ իր հաւատացեալները կը սրբացնէ սուրբ խորհուրդներով (մկրտութիւն, ապաշխարանք, սուրբ զոհ, պսակ, եւն):
Այսպէսով, մեր այսօրուայ խորհրդածութիւնը կը փակենք: Մեր գալ հաղորդումը որպէս նիւթ պիտի ունենայ Եկեղեցւոյ վսեմ առաքելութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.